ՌԴ նախագահի օգնական Յուրի ՈՒշակովը հայտարարել է, որ Ռուսաստանի, Չինաստանի և Հյուսիսային Կորեայի առաջնորդները Չինաստանում կայացած տոնական միջոցառումների ժամանակ «դավեր նյութելու» միտք չեն ունեցել։ Ավելի վաղ ԱՄՆ-ի նախագահ Դոնալդ Թրամփը, մեկնաբանելով Պեկինում անցկացված ռազմական շքերթը, Ռուսաստանին, Չինաստանին և Հյուսիսային Կորեային մեղադրել էր ԱՄՆ-ի դեմ «դավադրություն» պլանավորելու մեջ։               
 

«Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք»

«Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք»
02.09.2025 | 11:40

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ «Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք եւ Պատմենք՝ Աստուածաշունչը Ընկալենք Պատմութիւններու եւ Վարժութիւններու Ճամբով» գիրքի հրատարակութիւնը։

«Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք եւ Պատմենք» գիրքը գեղեցիկ, 144 էջնոց հատոր մըն է, որ գրուած է Սուսաննա Եաշի եւ Քրիստինա Շնիւրլէի կողմէ եւ նկարազարդուած է Մաթիաս Վեպերի կողմէ։ Անիկա կեանք կու տայ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն կարեւորագոյն պատմութիւններուն՝ մատչելի եւ տեսողականօրէն գրաւիչ ձեւով։ 7-էն մինչեւ 13 տարեկան երեխաները հրապուրուած պիտի ըլլան Արարչութեան, Նոյեան Տապանին եւ Յիսուսի կեանքին մասին պատմութիւններով՝ ծնունդէն մինչեւ յարութիւնը։

Այս գիրքը պարզ պատմութիւններու ժողովածու մը չէ, այլ այդ կը պարունակէ հետաքրքրական հարցումներ՝ երեխաներուն եւ իրենց ծնողներուն կամ ուսուցիչներուն միջեւ զրոյցներ սկսելու համար, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական վարժութիւններու առաջարկներ՝ պատմութիւնները խորապէս ընկալելու համար։ Սփիւռքի հայ մանուկները պիտի ունենան համապարփակ Աստուածաշունչ մը, որ յատուկ իրենց համար է ։

Արաբական Ցոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, այս առիթով ըսաւ. «Այս գիրքը պարզ հրատարակութիւն մը չէ այլ մեր նուիրումին վկայութիւնն է՝ սնուցանելու յաջորդ սերունդին հոգեւոր աճը։ «Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք եւ Պատմենք» գիրքը անգնահատելի գանձ մըն է։ Այս իմաստով, գիրքը խիստ օգտակար է ոչ միայն ծնողներու այլ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցի եւ առօրեայ դպրոցի ուսուցիչներու համար»։

Որպէս ժողովուրդ մը, որ խորապէս արմատացած է իր քրիստոնէական հաւատքին մէջ, մանուկներուն համար իրենց մայրենի լեզուով որակեալ Աստուածաշունչ մը ապահովելը կարեւոր քայլ մըն է իրենց ժառանգութիւնը պահպանելու եւ յաջորդ սերունդին հոգեւոր դաստիարակութիւնը ապահովելու համար։

Այս աշխատանքը հնարաւոր դարձաւ ի շնորհիւ մեր բարերարներու աջակցութեան եւ Քուէյթի ու Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործակցութեան։ «Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք եւ Պատմենք» գիրքի օրինակները պիտի տարածուին Արաբական Ցոցի երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի ու Եւրոպայի հայ համայնքներուն մէջ գործող ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ։ Մենք կը հաւատանք, որ այս գիրքը թանկագին միջոց մը պիտի ըլլայ ամրացնելու անհամար երեխաներու հաւատքը եւ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ անոնց սէրը։

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

Արաբական Ցոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը միջեկեղեցական, ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է եւ անդամ Համաշխարհային Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութիւններուն։ Սոյն կազմակերպութեան առաքելութիւնն է Աստուածաշունչը թարգմանել եւ բաժնել, որպէսզի աշխարհի բոլոր ժողովուրդները Աստուածաշունչը կարդան իրենց մայրենի լեզուով։

Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դիտվել է՝ 488

Մեկնաբանություններ